2014-03-10 10:33:11

Քահանայապետի պաշտօնական գործունէութիւններու ընդմիջում` աւանդական հոգեւոր կրթութեան առթիւ։


Կիրակի, 9 մարտ, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հռոմի մօտ գտնուող Արիչչա անուամբ գիւղաքաղաքի մէջ սկիզբ առաւ Քահանայապետի Քառասնորդացի աւանդական Հոգեւոր Կրթութիւնը, որուն կը մասնակցին Հռոմի Քուրիայի անդամ կարտինալներ եւ եպիսկոպոսներ ինչպէս նաեւ Սրբազան Քահանայապետի անմիջական օգնականներ։
Նորին Սրբութիւնը եւ իրեն ընկերացող 83 եկեղեցականները, կիրակի 9 մարտի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, հանրակառքով մեկնեցան Վատիկանէն եւ ուղղուեցան Արիչչայի` Պօղոսեան միաբանութեան պատկանող ''Աստուածային Վարդապետի Տուն'' հաստատութիւն։
Երեկոյեան ժամը 6-ին, ժամասացութեան արարողութեամբ, ներածական առաջին խորհրդածութեամբ` զոր կատարեց Հոգեւոր Կրթութեան քարոզիչը Հայր Անճելօ Տէ Տոնադիսը եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով սկիզբ տրուեցաւ, մինչեւ ուրբաթ 14 մարտ տեւող, աւանդական Հոգեւոր Կրթութեան, որ այս տարի, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրահանգով ,Վատիկանէն դուրս վայրի մը մէջ կը կատարուի, առիթ տալու համար, լռութեամբ ու առանձնութեան մէջ ամփոփուելու եւ, հեռու աշխատանքային միջավայրէն, ամբողջութեամբ նուիրուելու Հոգեւոր Կրթութեան։
Հոգեւոր կրթութեան օրակարգը, որուն կեդրոնական նիւթն է ''սրտի բիւրեղացումը'', կը նախատեսէ առօրեայ Սուրբ Պատարագ առաւօտեան ժամը 7,30-ին ու ապա երկու մատածականներ` մին առաւօտեան ժամը 9,30-ին, իսկ երկրորդը յետմիջօրէի ժամը 4-ին որուն կը յաջորդէ ժամասացութեան արարողութիւնը եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք։
Յայտնենք որ այս շաբթուայ ընթացքին դադրած կը նկատուին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պաշտօնական գոծունէութիւնները, ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։
Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ կը գտնէ, ինչպէս նշեցինք, ուրբաթ 14 մարտի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, երբ Ֆրանչիսկոս Պապն ու Հոգեւոր Կրթութեան մասնակցողները Վատիկան կը վերադառնան։








All the contents on this site are copyrighted ©.